2013-08-29 12:24:32

Եկեղեցւոյ Ձայնը Ընդդէմ Սուրիոյ Զինեալ Միջամտութեան` Կարտինալ Սանտրին Կը Խնդրէ Աղօթել Միջին Արեւելքի Ի Նպաստ։


Մինչ արեւմտեան աշխարհի զինեալ ոյժերը կը պատրաստուին Սուրիոյ դէմ յարձակում կատարել, Վատիկանի հաղորդակցութեանց միջոցները կը բազմացնեն իրենց կոչերը սոյն զինեալ միջամտութեան դէմ։

Արդարեւ 29 օգոստոսին Կարտինալ Սանտրին` Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը աղօթքի կոչ մը հրատարակեց Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ի խնդիր։ Ականատես ենք - գրեց Ծիրանաւորը - Միջին Արեւելքի բազմաթիւ ցաւերուն սկսեալ Սուրիայէն անցնելով Եգիպտոս եւ Իրաք եւ այլ վայրեր։ Կարտինալ Սանտրին մաղթեց ապա ''որ վերջ դրուի բռնութեան'' եւ որ ''Ամենակալ Տէրը լուսաւորէ պատասխանատուներու խիղճերը'' ։

Միւս կողմէ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան տեղապահը գերապայծառ Մարուն Լահամ իր մտավախութիւնը յայտնեց ըսելով ''պէտք չունինք այլ Իրաքի մը։ Յորդանանը կարող է զոհ դառնալ Սուրիոյ ներկայ կացութեան''։ Լահհամ գերապայծառը ապա զգուշացուց Սուրիոյ, Հըզպալլահի, Իրանի եւ Իսրայէլի աննախատեսելի հակազդեցութիւններէն։

Յայտնենք որ անցեալ 25 օգոստոսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին կոչ ըրած էր միջազգային հասարակութեան լուծում մը գտնելու Սուրիոյ կացութեան, ''փախումը ըսած էր Ան, ինքնին լուծում մը չէ եւ կը խափանէ յոյսի հեռանկարը''։ ֆրանչիսկոս Պապը ապա խնդրած էր ''դադրեցնել զէնքերու ձայնը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.